Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիին. «Պէտք Է Բարոյականն Ու Աստուածայինը Առաջանորդեն Մեր Ձգտումները, Իսկ Մեր Ուշադրութիւնը Պարտինք Ուղղել Մեր Զաւակներուն», Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Կիրակի, 15 յունուար 2023-ին, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ  անուանակոչութեան տօնին առիթով Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան առաւօտեան ժամը 9:30-ին այցելեց Հայաշէն, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան: Ապա թափօրը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի գլխաւորութեամբ, ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր Սրբազան Հայրը մատուցեց ս. պատարագ: Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ

Continue reading

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, ուրբաթ, 6 յունուար 2023-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ Ս. Ծնունդը պատմութեան ամէնէն լուսաւոր տեսիլքն է: «Այսօր Աստուած երկինքէն

Continue reading

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Առանց սիրոյ զգացումին, կարելի չէ ճանչնալ զԱստուած «Հոն մանուկ մը պիտի գտնէք` խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած»: Ղուկաս 2։12 Աստուծոյ եւ մարդուն հանդիպման պահն է դարձեալ։ Այս առթիւ, նախ փառք կու տանք Ամենակալին, որ առիթ կ’ընծայէ մեզի, Ս. Ծննդեան աւետիսը փոխանցելու Լիբանանահայ հաւատացեալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Այսօր, կեանքի մեծ

Continue reading

Հրաժեշտի Պատարագ` Խաչիկ Ա. Քհնյ. Միսիրեանի

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 25 դեկտեմբերին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ իր 45-ամեայ ծառայութեան աւարտին հրաժեշտի պատարագ մատուցեց եկեղեցւոյ հովիւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը օրինակ բերաւ Մատթէոսի աւետարանի 9-րդ գլուխին մէջ գրուած դրուագ մը, որ նախ

Continue reading

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօն

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի սարկաւագներուն, կիրակի, 25 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին Սրբոց Վարդանանց  եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ժամասացութիւն: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ Աւետարանին մէջ բնաւ չէ յիշատակուած, թէ Ս. Ստեփանոս

Continue reading

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին անուանակոչութեան տօնին առիթով, շաբաթ` 17 եւ կիրակի` 18 դեկտեմբերին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, շաբաթ առաւօտեան տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, ապա` մատաղի պատրաստութիւն, իսկ երեկոյեան կատարուեցաւ ժամերգութիւն: Կիրակի առաւօտեան ժամը 9:15-ին եկեղեցւոյ կից մայր պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի

Continue reading

Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ. Ատամնաբուժի Օգնականներ Պատրաստելու Ծրագիրի Առաջին Հանդիպումը

Հինգշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին  ձեռնարկած ատամնաբուժի օգնականներ պատրաստելու ծրագիրին առաջին հանդիպումը: Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի վարիչ Սարին Շէմէմեան, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, բացատրեց, որ ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը,

Continue reading

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողով

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 7-9 Դեկտեմբերին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի կ՛ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը: Չորս տարին անգամ մը գումարուող յիշեալ ժողովին կը մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները եւ աւելի քան հարիւր պատգամաւորներ։ Ազգային Ընդհանուր Ժողովին ընթացքին տեղի կ՛ունենայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական

Continue reading

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 2 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Ուսումնական խորհուրդի անդամներու, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ

Continue reading

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

  Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, շաբաթ, 26 նոյեմբերի առաւօտեան տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, ապա սկսաւ մատաղի պատրաստութիւնը, որուն զուգահեռ կատարուեցաւ ժամերգութիւն: Կիրակի, 27 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 9:30-ին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ժամանեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին դիմաց, ուր դիմաւորուեցաւ

Continue reading