Խաւարման Կարգ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, հինգշաբթի, 6 ապրիլ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խաւարման կարգ: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ հսկումի սոյն պահը լաւագոյն առիթն է Պօղոս առաքեալի բերանով հռչակելու, թէ Քրիստոս նոյնն է միշտ`
Ոտնլուայի Հանդիսաւոր Արարողութիւն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Հինգշաբթի, 6 ապրիլ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն: Արդարեւ, Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: «Ով, որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի, եւ ով, որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»: Այս
«Զուարթնոց» Կեդրոնի Աշակերտներու Ոտնլուայ
Չորեքշաբթի, 5 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ոտնլուայի արարողութիւն` «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի աշակերտներուն համար, ձեռամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի: Սրբազան Հայրը այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ երբ Քրիստոս Վերջին ընթրիքի պահուն բոլորովին անակնկալօրէն ոտքի ելաւ եւ իր
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. «Ռազմիկ Ճուլֆայեան» Փինկ-Փոնկի Սրահի Բացում
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, նախագահութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, չորեքշաբթի, 5 ապրիլ 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ռազմիկ Ճուլֆայեան» փինկ-փոնկի սրահի բացման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին` սրբազան հօր ներկայացուցիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, Ազգ. վարչութեան Ուսումնական
Ծաղկազարդը Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի, 2 ապրիլ 2023-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց Քրիստոսի Երուսաղէմ հանդիսաւոր մուտքի յիշատակին` հաստատելով, որ իւրայատուկ այս տօնին առիթով մենք ալ
Դռնբացէքի Արարողութիւն Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի 2 ապրիլ 2023-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Դռնբացէքի հոգեպարար եւ խորհրդալից արարողութիւն: Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ աշխարհին մէջ քրիստոնեայ մարդու հորիզոնը անպայմանօրէն պայծառ չէ շարունակաբար եւ բոլորիս կեանքին մէջ կան վիճակներ
Ծաղկազարդի Եւ Ս. Յարութեան Տօներուն Առիթով Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Հաւաք
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմինին, շաբաթ, 1 ապրիլ 2023-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի եւ Ս. Յարութեան զոյգ տօներուն առիթով փոքրերու յատուկ յայտագիր` ներկայութեամբ կիրակնօրեայ վարժարաններու ընդհանուր պատասխանատու Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի,
Դպրեվանքի Սաներուն Մասնակցութեամբ Հսկումի Արարողութիւն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Ուրբաթ, 24 մարտին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն: Խաղաղական եւ հանգստեան ժամերգութեան երգեցողութիւնը կատարեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները: Հսկումի արարողութեան հաւատացեալ հոծ բազմութեան կողքին ներկայ էր նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան: Եկեղեցւոյ հովիւ Սուրէն քհնյ. Արսլանեան նկատել տուաւ, որ
Ծաղկազարդէն-Զատիկ Լիբանանի Եկեղեցիներէն Ներս Միաբան Հայրերու Մասնակցութեան Ցուցակ
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ – Կիրակի, Ապրիլ 2, 2023 – Սուրբ Նշան Մայր Եկեղեցի` Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեան – Սուրբ Յակոբ Եկեղեցի, Էշրէֆիէ` Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան – Սուրբ Յով. Կարապետ Եկեղեցի` Առաքել Աբղ. Գատէհճեան – Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցի, Ռմէյլ` Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան – Սուրբ Գէորգ Եկեղեցի, Հաճըն` Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեան –
Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, շաբաթ, 18 մարտին, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան, տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնախմբութիւն: Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զետեղուած էին կրպակներ, ուր ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը, ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղը, «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւնը կը վաճառէին ուտելիքներ: Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին