Սրբապատկերներու օծում` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ
Կիրակի, 31 յունուար 2016-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Պատարագի ընթացքին սրբազանը օրհնեց եւ սրբալոյս միւռոնով օծեց բարերարի մը կողմէ եկեղեցւոյ նուիրուած Ս. Ներսէս Շնորհալիի եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի սրբապատկերները, որոնք աշխատանքն էին հայրենի գեղանկարիչ Մարատ Մարգարեանի: Հաւատացեալ ժողովուրդին
Անուանակոչութիւն Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ
Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 24 յունուար 2016-ին։ Առաւօտեան Արագածի ակումբին մօտ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի «Ազիրեան» ակումբ, ապա Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր առաջնորդ սրբազանը մատուցեց Ս. պատարագ: Իր քարոզին
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հանդիպումը Առաջնորդ Սրբազանին հետ
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Լիբանանի եղբայրները շաբաթ, 23 յունուար 2016-ին այցելեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին` միութեան գործունէութեան քառամեակի սկիզբը փոխադարձ ծանօթացման նպատակով: Այցելութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան աշխարհասփիւռ կազմը եւ անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկայ քառամեակի ծրագիրներու մանրամասնութիւններուն: Շեշտը դրուեցաւ նաեւ հայեցի դաստիարակութեան ի խնդիր միութեան տարած բեղուն աշխատանքներուն
Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը առիթ` վերաշեշտելու Հայաշէնի հայեցի դիմագիծը
Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 17 Յունուար 2016-ին։ Առաւօտեան եկեղեցւոյ թաղի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր մատուցեց Ս. պատարագ: Պատարագի ընթացքին առաջնորդ սրբազանը օրհնեց եւ սրբալոյս միւռոնով օծեց Վազգէն
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ
Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ ըսաւ, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով վերաքաղի կ՛ենթարկենք 21
«Գագիկ Ծառուկեան» Բարեգործական Հիմնադրամը 100,000 Ամերիկեան Տոլարով Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ Ազգային Միացեալ Վարժարանի Կառուցման Աշխատանքներուն
Շաբաթ, 25 յուլիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարան այցելեց Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ, բարերար Գագիկ Ծառուկեան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային իշխանութեան եւ վարչութիւններու անդամներուն, քահանայ հայրերու, լիբանանահայ կառոյցներու պատկան միութիւններու ներկայացուցիչներուն: Ծառուկեան մօտէն ծանօթացաւ վարժարանի շինարարական աշխատանքներուն եւ յայտնեց, որ «Գագիկ
Զրոյց` «Երիտասարդութիւնը Ի՞նչ Կ՛ակնկալէ Ազգային Միացեալ Վարժարանէն» Նիւթով
Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքին կազմակերպած «Երիտասարդութիւնը ի՞նչ կ՛ակնկալէ Ազգային միացեալ վարժարանէն» խորագիրը կրող մտերմիկ զրոյցը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 27 փետրուար 2015, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Զրոյցին մասնակից երիտասարդներն էին Ալին Նաքքաշեան, Շաղիկ Չափարեան, Ցոլեր Աղճեան, Լորի Վարդանեան, իսկ զրուցավարը` Սիլվա Փափազեան: Բացման
Պուրճ Համուտի 4 Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներ Այցելեցին Ազգային Միացեալ Վարժարան
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, հինգշաբթի, 18 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող 4 Ազգային վարժարաններու աշակերտները ` Լ. եւ Ս. Յակոբեան, Աբգարեան, Աքսոր Գասարճեան եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց, ընկերակցութեամբ իրենց տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, այցելեցին Պուրճ Համուտի մէջ նոր կառուցուող Ազգային միացեալ վարժարան` մօտէն ծանօթանալու վարժարանի կառոյցին եւ
Ստուգելով Ազգային Միացեալ Վարժարանի Շինարարական Աշխատանքները`. «Գաղութի Մը Կենսունակութեան Աղբիւրը, Գոյատեւման Առանցքը Եւ Երաշխիքը Եկեղեցւոյ Կողքին Հայ Դպրոցն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են եւ իրենց աւարտին պիտի հասնին 2015 թուականին: Այս առիթով իր հայրական օրհնութիւնը տալու նպատակով շաբաթ 1 փետրուար 2014-ի կէսօրուան ժամը 11:30-ին կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող համալիր այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս.