Նոր Տարուան Տարեցներու Ձեռնարկ
Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ «Lions Beirut Excellence» կազմակերպութեան եւ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, ընկերային յանձնախումբի մօտ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, «Lions Beirut Excellence» կազմակերպութեան նախկին տնօրէն Սալիմ Մուսանի, կազմակերպութեան նախկին կառավարիչ Պութրուս Աունի,
Դասախօսութիւն` «Նոր Տարին Առիթ Վերանորոգուելու» Նիւթով
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի բարգաւաճման եւ նախազգուշական ծրագիրներու շարքին հինգերորդը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 14 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Չիլինկիրեան» սրահին մէջ: Օրուան զեկուցաբերն էր Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան, իսկ դասախօսութեան նիւթն էր` «Նոր Տարին առիթ վերանորոգուելու»: Արդարեւ, հայր սուրբը իր խօսքին մէջ
Տնտեսական Ծանր Վիճակի Մէջ Եղողներուն Կողքին
Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին առաքելութիւնն է սատար հանդիսանալ տնտեսական ծանր վիճակ դիմագրաւող ազգայիններուն` օժանդակութիւն տրամադրելով անոնց հիւանդանոցային ծախսերուն եւ անմիջական պէտքերուն, այս ձեւով ժպիտ մը դրոշմելով անոնց դէմքին վրայ: Առ այդ, նախանձախնդիր իր առաքելութեան, բարերարութեամբ Ռազմիկ Ճուլֆայեանի, չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբերին, կ. ա. ժամը 10:00-ին, 11:00-ին եւ 12:00-ին երեք փուլով,
Հոգեկան Ճնշումի Մասին Դասախօսութիւն
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի բարգաւաճման եւ նախազգուշական ծրագիրներու շարքին չորրորդը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 6 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի Գ. յարկին վրայ գտնուող ընկերային բաժանմունքի կեդրոնին մէջ: Արդարեւ, բաժանմունքի ընկերային ծառայող Գարին Նաճարեան փաուըր փոյնթով ներկայացուց «Հոգեկան ճնշում» խորագիրով դասախօսութիւն մը: Ան բացատրեց,
«Հոգեկան Ու Բարոյական Արժէքներ Հարկաւոր Են Մեր Ընտանիքներուն Ու Հաւաքականութեան, Որպէսզի Անոնցմով Մեր Կեանքը Ուղղենք Եւ Աստուծոյ Ողորմածութեան Արժանանանք» Շահէ Արք. Փանոսեան
Շաբաթ 25 եւ կիրակի 26 նոյեմբերին տօնախմբութիւն էր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ համար: Արդարեւ, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, շաբաթ առաւօտեան տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց մատաղի պատրաստութիւն, ապա երեկոյեան` ժամերգութիւն: Կիրակի առաւօտեան ժամը 9:30-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ.
Կազմակերպութեամբ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդին. Լիբանանի Անկախութեան 80-Ամեակին Նուիրուած Ազգային Վարժարաններու Միացեալ Տօնակատարութիւն` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, երեքշաբթի, 21 նոյեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան 80-ամեակին նուիրուած ազգային վարժարաններու միացեալ տօնակատարութիւն` ներկայութեամբ Ազգային Միացեալ, Եղիշէ Մանուկեան եւ Նուպարեան-Խրիմեան (Թրիփոլի) վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական կարգի աշակերտներուն, տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, նաեւ` Ուսումնական
Ս. Պատարագ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 19 նոյեմբերին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Ղուկասու աւետարանի 9-րդ գլխուն մէջ տեղ գտած դրուագի մը, ուր Յիսուսի աշակերտները կը վիճին իրարու հետ, թէ իրենց մէջ ո՞վ է
«Մաքուր Մարմին, Առողջ Միտք» Խորագիրով Դասախօսութիւն
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի բարգաւաճման եւ նախազգուշական ծրագիրներու շարքին երրորդը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 15 նոյեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի Գ. յարկի վրայ գտնուող ընկերային բաժանմունքի կեդրոնին մէջ: Արդարեւ, բաժանմունքի ընկերային ծառայող Գարին Նաճարեան փաուըր փոյնթով ներկայացուց «Մաքուր մարմին, առողջ միտք» խորագիրով դասախօսութիւն մը: Ան
Ս. Պատարագ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ
Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 12 նոյեմբերին Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Օրուան պատգամը յղեց Սրբազան Հայրը, որ լուսարձակի տակ առնելով Պօղոս առաքեալի այն խօսքը, որ հարկ է մեր ապրելակերպին ուշադրութիւն դարձնենք եւ չապրինք անխոհեմ, այլ` իմաստուններու պէս, եւ օգտագործենք ժամանակը,
«Հարիւր Տարի Ապրելու Գաղտնիքները` Ուրախ Եւ Առողջ Կերպով» Խորագիրով Դասախօսութիւն
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքը, գաղութի կարիքաւոր ընտանիքներուն մատուցած ծառայութիւններու կողքին, ունի նաեւ տարբեր ծրագիրներ, ինչպէս` բարգաւաճման եւ նախազգուշական ծրագիրներ: Առ այդ, չորեքշաբթի, 8 նոյեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի Գ. յարկի վրայ գտնուող ընկերային բաժանմունքի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը` «Հարիւր տարի ապրելու գաղտնիքները`