Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի 2022-2023 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 30 մայիսին, վարժարանին շրջափակէն ներս: Հանդէսին կը նախագահէր Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Ներկայ էին Ազգային վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդի, կուսակցական, մարզական ու բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` քոլեճի տնօրէնութիւնը, խնամակալութիւնը, ուսուցիչներն ու տիկնանց յանձնախումբի
Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնին Նուիրուած Աղօթքի Շաբթուան Բացում
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, երկուշաբթի, 29 մայիսին երեկոյեան ժամը 6:30-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Ս. Հռիփսիմեանց եւ Ս. Գայեանեանց մատրան դիմաց կատարուեցաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առթիւ աղօթքի շաբթուան բացում: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով Հռիփսիմեանց կոյսերուն,
Հայաստանի Հանրապետութեան Նուիրուած Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն` Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ
Հայաստանի Հանրապետութեան 105-ամեակին առիթով, կիրակի, 28 մայիսին, յընթացս ս. պատարագի, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրուած մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Առ այդ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան նախագահեց եւ եռագոյն դռօշի օրհնութիւնը կատարեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Ժողովուրդին ուղղուած
Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Աշակերտական Շարադրական Մրցանքը Իր Շուրջ Համախմբեց 76 Աշակերտներ
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 27 մայիս 2023-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող Մհեր Ջուլհաճեանի անուան շարադրական մրցանքը, որ այս տարի նուիրուեցաւ արցախեան ազատամարտիկին նահատակութեան 30-ամեակին: Մրցանքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ Շանթ Ստեփան, որ նկատել տուաւ, թէ այս տարի միջնակարգ
Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներ. Վերանորոգման Եւ Վերալիցքաւորման Համագումար` Կիրակնօրեայի Ուսուցիչներուն Յատուկ
Քրիստոնէական հաւատքի աղբիւրը կը նկատուի Աստուածաշունչ մատեանը: Դարերէ ի վեր քրիստոնեաներս սնանած ենք անոր կենսատու խօսքերով, զօրացուցած ենք մեր հաւատքը Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, շարունակած` մեր բարի պատերազմը աշխարհի իշխանին դէմ եւ լիցքաւորած` նոր սերունդները մեր պապերու աղօթքով: Կասկածէ վեր է, որ մանուկները մեր Տիրոջ` Յիսուսի Քրիստոսի յատուկ հոգածութեան առանցքը կազմած
Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչական Աշակերտական Հաւաք` Անթիլիասի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի 1000 աշակերտներու, երեքշաբթի, 25 ապրիլի կէսօրէ առաջ ժամը 10-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած աշակերտական հաւաք` ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, վարչութեան անդամ Լիզա Պաստաճեանի, դիւանապետ
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 16 ապրիլին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէքի արարողութիւն: Պատարագը մատուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Օշին վրդ. Չուալերթանեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին սկիզբը հայր սուրբը իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ իրեն այս գեղեցիկ պարտականութիւնը յանձնած
Ս. Յարութեան Տօնը Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Ս. Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 9 ապրիլ 2023-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ այսօր մեր եկեղեցին մեզ կը համախմբէ իր ծոցին մէջ, որպէսզի
Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Շաբաթ, 8 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Ճրագալոյցի Ս. պատարագ` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հակառակ այն իրողութեան, որ մեր հորիզոնը ամպամած է, մեր կեանքը ենթակայ է տեսակաւոր դժուարութիւններու, մեզմէ շատեր
Յիսուս Քրիստոսի Չարչարանաց, Խաչելութեան Եւ Թաղման Յիշատակին Սրբազան Արարողութիւն
Աւագ ուրբաթ, 7 ապրիլ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը յղեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ