Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին. Ուսուցչաց Տօնի Հանդիսաւոր Նշում Եւ Բազմավաստակ 45 Կրթական Մշակներու Պարգեւատրում
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 8 մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց օրուան ընթրիք-տօնակատարութիւն: Ներկայ էին Ազգային վարչութեան անդամներ, վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ եւ անձնակազմերու անդամներ: Տօնակատարութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական
Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքի Օժանդակութեան Ծրագիր
Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, երեքշաբթի, 13 փետրուարին, Տեառնընդառաջի տօնին առիթով եւ ընտանիքներուն ճրագը անմար պահելու նպատակով, բաժանմունքը իրագործեց իր օժանդակութեան ծրագիրը: Արդարեւ, Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի` ընտանիքներու այցելութեան ծիրէն ներս, կարգ մը ընտանիքներու բեռը թեթեւցնելու նպատակով, բաժանմունքի պաշտօնէութիւնը, ընկերակցութեամբ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի այցելեց
«Մեր Կեանքին Մէջ Կուտակուող Խաւարը Կարենալ Փարատելու Համար Պէտք Է Ունենանք Լոյս» Պատգամեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան
Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, երեքշաբթի, 13 փետրուարի երեկոյեան ժամը 5:30-ին Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ բացատրեց, որ Տեառնընդառաջի արարողութիւնը ունի երկու երես. մին` եկեղեցական, իսկ միւսը` ժողովրդային, երկուքը իրարմով նուիրականացած` դարերու աւանդութեամբ եւ
«Այս Աշխարհին Մէջ Ազատութիւնն Ու Անկախութիւնը Ուժով Ձեռք Կը Բերուին Եւ Հաւատքով Ու Նուիրումով Կը Պահուին» Պատգամեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան
Հինգշաբթի, 8 փետրուար 2024-ին, Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց, նաեւ Նորաշէնի համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` ձեռամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի: Պատարագին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Ազգային վարչութեան անդամներ, Ազգային
Ազգային Վարժարաններու Աշակերտները Տպաւորիչ Յայտագիրով Ոգեկոչեցին Վարդանանց Տօնը
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու աշակերտութեանց, ներկայութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, չորեքշաբթի, 7 փետրուարին, կ. ա. ժամը 11:00-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց աշակերտական տօնակատարութիւն: Լիբանանի,
Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնի Հանդիսաւոր Նշում
Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով, երեքշաբթի, 6 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր ս. պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն: Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունեց թեմի հոգեւորական դասը եւ եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորները, որոնք իրենց աշխատանքով
Դասախօսութիւն Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանին Մէջ «Առողջ Միտք` Առողջ Մարմինի Մէջ» Նիւթով
2 փետրուարին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Առողջ միտք` առողջ մարմինի մէջ» նիւթով դասախօսութիւն մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին վարժարանի Է., Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտները: Օրուան բանախօսն էր Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայող Գարին Նաճարեան: Նաճարեան բացատրեց մաքրութեան կարեւորութիւնը, թէ ինչպէ՛ս մաքրութիւնը մեզմէ հեռու կը պահէ մանրէները եւ
«Օգնական Բուժքոյրերու Ծրագիր»-ին Առաջին Հանդիպումը
Չորեքշաբթի, 31 յունուար 2024-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 9:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին ձեռնարկած «Օգնական բուժքոյրերու ծրագիր»-ին առաջին հանդիպումը: Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի վարիչ Սարին Շէմէմեան հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, բացատրեց, որ ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը, Ֆրանսայի
Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն. «Մեր Սուրբերուն Օրինակով Փարինք Աստուծոյ Ու Սպառազինուինք Անով» Պատգամեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան
Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէութեան, շաբաթ` 27 յունուարին, կ.ե. ժամը 4:00-էն սկսեալ եկեղեցւոյ կից թաղին մէջ տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն, որ կը ներառէր տօնավաճառ, փոքրերու յայտագիր` մասնակցութեամբ «Օրօրիկ» մանկապատանեկան խումբին, գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբին, պուզուքահար Յարութ Կիւլիւզեանի, երգեհոնահար Աւօ Չայլեանի, Տի. Ճէյ.
Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Վարդան Քհնյ. Մարտիրոսեանի Աւագութեան Շնորհում
Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 14 յունուար 2024-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան առաւօտեան ժամը 9:30-ին այցելեց Հայաշէն, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան: Ապա թափօրը ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր Սրբազան Հայրը մատուցեց ս. պատարագ: Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը պատմական ակնարկ մը