«Աստուածամօր Կենդանի Օրինակը Պէտք Է Բարձր Պահենք Մեր Գիտակցութեան Մէջ», Շահէ Արք. Փանոսեան

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, 13 օգոստոսին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ տարուան ընթացքին մեր եկեղեցին զանազան առիթներով կ՛ոգեկոչէ Աստուածամօր յիշատակը եւ

Continue reading

Ս. Պատարագ` Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 6 օգոստոսին Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբին ներկայութիւնը

Continue reading

Վարդավառի Տօնի Նշում` Լէյլաւանի Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Վարդավառի տօնին առիթով, կիրակի, 16 յուլիսին Ֆանարի Ս. Երրորդութիւն մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին Լէյլաւանի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Սրբազան Հօր, որմէ ետք, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ, թափօրը ուղղուեցաւ մատուռ,

Continue reading

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ընտրութեան Եւ Օծման 28-րդ Տարեդարձին Առիթով` Հայրապետական Մաղթանք

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձին առիթով 2 յուլիսին, Լիբանանի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք: Արդարեւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան նախագահեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ 28

Continue reading

Ս. Ներսէս Շնորհալիի Վախճանման 850-Ամեակին Նուիրուած Արամ Ա. Կաթողիկոսին Սրբատառ Կոնդակի Ընթերցում Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850-ամեակին առիթով, կիրակի, 25 յունիսի ս. պատարագի ընթացքին, փոխան քարոզի, թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս կարդացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը: Արդարեւ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ս. պատարագին նախագահեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Պատարագի ընթացքին եկեղեցւոյ

Continue reading

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Ազգային Արժէքներու Նախանձախնդիր» Ոգիով Լիցքաւորուած Իր Վեցերորդ Հունձքը

Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 16 յունիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի: 17 շրջանաւարտներ ներկաներուն ծափողջոյններով մտան սրահ, ապա Լիբանանի, Հայաստանի եւ Միացեալ վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք

Continue reading

Շանթ Եւ Տէյզի Շէկեան Ամոլին Բարերարութեամբ` Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Բարեզարդուած Եկեղեցւոյ Եւ Շրջափակի Բացում

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 11 յունիսին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ նոյն օրը մեր եկեղեցին մեր ուշադրութեան կը յանձնէ իր մեծ սուրբին` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապէն դուրս գալու դրուագը եւ մեր

Continue reading

Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 9 յունիս 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ: Վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտայեան կատարեց բացման խօսքը, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` իրենց մասնակցութեան համար, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կը կանգնին վարժարանի երթին: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու ծնողները, որոնք արդէն

Continue reading

«Ատամնաբուժի Օգնականներու Ծրագիր»-ի Մասնակիցներ Ստացան Իրենց Վկայականները

  Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային բաժանմունքին, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանի, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տեսուչ փրոֆ. Սալիմ Տաքքաշի, երկուշաբթի, 5 յունիսին, կէսօրէ ետք  ժամը 4:45-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ատամնաբուժի  օգնականներու ծրագիր»-ի մասնակիցներուն վկայագիրներու բաշխման

Continue reading

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնին Առիթով Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ Եւ Սուրբերու Մասունքով Ջրօրհնէք

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, ներկայութեամբ թեմի քահանայից դասուն, երկուշաբթի, 5 յունիսին երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով հանդիսաւոր ս. պատարագ եւ սուրբերու մասունքով ջրօրհնէք: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ այսօր մեր եկեղեցին մեզի կը

Continue reading